2014-05-23 09:29:34

Սուրբ Պետրոսի յաջորդ` Պօղոս Զ Քահանայապետի ուխտագնացութիւնը Սուրբ Երկիր, 4 – 6 Յունուար 1964։


4 Յունուար 1964-ին Հռոմէն մենելով բառացիօրէն յայտնեց. «Ճշմարիտ է ըսուած, որ Յաջորդը` առաջինը Առաքեալներէն, Ի դարեայ պատմութենէն վերջ, կը վերադառնայ հո՛ն ուրտեղէն Պետրոս` քրիստոնեայ Պատգամին կրողը մեկնած էր: Մեր ուխտագնացութիւնը վերադարձ մըն է դէպի Քրիստոնէութեան օրրան, ուր աւետարանական մանանեխի հատիկը նետած է իր առաջին արմատները` տարածուելով սաղարթախիտ խառի մը նման, իր շուքին տակ առնելով ամբողջ աշխարհը»:

Ամման հասնելով, թագաւորին ողջոյնի խօսքը ուղղած ատեն, Պօղոս Զ ընդգծած է որ իր այցելութիւնը հոգեւոր բնոյթ կը կրէ, խոնարհ ուխտագնացութիւն մըն է դէպի Քրիստոսի ծննդեան, կեանքի եւ Չարչարանքի Սուրբ Վայրերը: Բոլոր այս ուխտավայրերու մէջ աղօթած է խաղաղութեան համար, ա՛յն խաղաղութեան, որ Քրիստոս թողուց իր աշակերտներուն եւ աշխարհը զայն չի կրնար տալ:

Երուսաղէմի ճամբուն` Սրբազան Պապը կը կենայ Յորդանան` այն վայրին մօտ ուր աւանդութեան համաձայն Յիսուս մկրտուած էր, եւ կ’աղօթէ «Հայր Մեր»ը:

Երուսաղէմ մտած ատեն Քահանայապետը բարեւեց Սուրբ Երկրի քաղաքապետը եւ բնակիչները` աղաղակելով. «Այսօր մեզի համար հնարաւոր է ա՛յն` ինչ որ Պատրիարքներու, Մարգարէներու եւ Սուրբ Գերեզման այցելող բազմաթիւ ուխտաւորներու համար երազանք մըն էր»:

Նոյն օրը` 4 Յունուար, Քահանայապետը այցելեց Սուրբ Գերեզման, ապա հանդիպում ունեցաւ Կաթողիկէ եւ Արեւելածէս համայնքներու հետ` նշելով զանազանութեան կարեւորութիւնը միութեան մէջ եւ աւելցուց. «Ամէնէն առաջ Պաղեստինի մէջ էր, որ առաքեալները տարածեցին Քրիստոսի հաւատքը եւ Եկեղեցիներ հիմնեցին: Հետագային ցրուելով աշխարհով մէկ` տարածեցին նոյն հաւատքը: Ամէն ազգ ընդունեց անոնց քարոզութեան բարի սերմը իրեն բնորոշ մտայնութեան եւ մշակոյթի համաձայն: Ամէն տեղական Եկեղեցի աճեցաւ իրեն յատուկ անհատականութեամբ, խորհուրդներու մատակարարման իր սովորութիւններով` առանց Քրիստոսի կողմէ հաստատած կարգի: Ա՛յս է սկիզբը` միութեան մէջ մեր զանազանութեան»:

4 Յունուար 1964-ին, Պօղոս Զ հանդիպեցաւ Հայ Պատրիարքին Եղիշէ Տէրտերեանին հետ, իր ողջոյնի խօսքին մէջ յիշելով Վատիկանեան Բ տիեզերական Ժողովին` Հայ Եկեղեցւոյ դէտերու ներկայութիւնը: Սրբազան Պապը ողջունեց կաթողիկէ եւ հայ համայնքներու` Սուրբ Գերեզմանի Եկեղեցւոյ վերանորոգման համերաշխ համագործակցութիւնը` նշելով վերջինիս կարեւորութիւնը քրիստոնեայ աշխարհէն ներս:

Սրբազան Պապը այցելեց նաեւ Նազարէթի ` Աւետման Մայր Եկեղեցին: Ապա տեղի ունեցաւ Պօղոս Զ եւ Աթենագորաս Պատրիարքին պատմական հանդիպումը: Առանձնական երկխօսութենէն վերջ Քահանայապետը Պատրիարքին նուիրեց Սկիհ մը` միասին ընդհանուր սկիհէն համապատարագելու մաղթանքով: Հանդիմպման աւարտին` լատիներէն եւ յունարէն լեզուներով արտասանուեցաւ «Հայր մեր»ը:








All the contents on this site are copyrighted ©.